Բարի եկաք Լոս Անճելըսի
Հայկական Վարժարանի կայքէջը.
հոս պիտի ծանօթանաք
մեր գաղութի առաջնակարգ
աշակերտներուն ծառայող
երկրորդական վարժարանի
մը նոր ծրագրին. այս վարժարանը
պիտի յատկանշուի իր ուսումնական
բարձրորակ մակարդակով, հայեցի
կրթութեան հետաքրքրաշարժ
մօտեցումներով, գերազանց
ուսումնական անձնակազմով,
ուսումնատենչ աշակերտութեամբ
եւ կրթական նուաճումներու
աւանդութեամբ: